Перейти к публикации

Հայ եկեղեցու կորուստը եղեռնին


Bender B.R.

Рекомендованные сообщения

Շենք ու կալուած

Եթե սկսինք մանրամասնել կորուստները Հայ Եկեղեցուոյ,կրնանք սկսիլ շէնքերեն եւ կալուածներեն:Եւ եթե մտածենք որ Հայաստան աշխարհի բռնագրուած հողերուն ամեն մէկ գիուղին մեջ եկեղեցի մը գոյություն ունէր,եւ իւրաքանչյուրին հետ նուազագույն մէկ հոգեւորական, եւ այդ եկեղեցին ինքզինքը կը կառավարեր նյութապես ժողովրդին նուէրներով կամ հարուստ մարդոց նուիրած կալուածներով, այն ատեն մօտաւոր պատկերը կունենանք այն կորուստին, այն հսկայ կորուստին, որ հայ Եկեղեցիինը եղաւ իբրեւ շենք ու կալուած:

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

  • Ответы 8
  • Создано
  • Последний ответ

ՍՐԲԱՏԵՂԻՆԵՐ

Կորուստի երկրորդ երես մըն ալ՝ սրբատեղիները,եկեղեցիները և վանքերը:

Թիւ մը ներկայացուած է պատմաբաններու կողմէ:Երկու հազար եւ յիսուն վանքեր եւ եկեղեցիներ կործանած ու քանդուած են:Եւ կորսնցուցած ենք նաեւ այն սրբատեղիները որոնք մեր ժողովրդին համար մասնաւոր նշանակությիւն ունէին, հաւատքի աղբիւր էին:Մշոյ Սուրբ Կարապետը,Կեսարիոյ Սուրբ կարապետը,Սեբաստիոյ մէջ՝ Ս.Նշան Վանքը.Աղբակի մէջ՝ Թադէոս Առաքեալի Դամբարանը,Նարեկայ վանքը,Վարագայն վանքը ,եւ ուրիշ սրբատեղիներ,որոնք նուիրական վայրեր էին Հայ ժողժվրդի համար:

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Հայ Ճարտարապետութիին

Կորուստի աւելի կոտտացող ցաւ մը մեր արուեստներէն կու գայ:Հայ Եկեցեցին երբ իր տաճարները կը կորցնէ,հարուածը կիջնէ իր արուեստի գլուխ գործոցներուն:

Քանի մը լուսանկարները որոնք ցույց տրուէցան պաստառի վրայ, շատ քիչ գաղափար կրնան տալ մեր ցաւին խորութեան մասին:

Սիրարփի Տէր Նետսէսեանի ուսումնասիրութիւնը եղող գեղատիպ այս գիրքը՝ «Ախթամար»,լուսանկարներու բաժին մը ունի:Մանրամասութեամբ ներկայացուած է ամեն մէկ կողմը եւ պատը այդ տաճարին:Հրաշալիքներու հաւաքածոյ:Քանդակներու խոսուն ցուցահանդես:Սուրբ գրքէն առնուած շարայար պատմութիւններ, անձեր ու դեպքեր,Ադամ եւ Եւայէն սկսեալ, քանդակուած էն տաճարի արտաքին պատերուն վրայ,պսակգօտիի պէս զայն գեղազարդելով, եւ կարծես առնական կորովի ու յաւերժական շնորհի ակոսներու մէջէն զայն կենսաւորելով,ճոխացնելով:Եւ ասիկա Հայ հոգիի արտահայտությունն է:Հայ ճարտարապետության գեղեցկությունն ու գլուխ գործոցն է,բազմաթիւ ուրիշ աւերակներու շարքին:Հազարաւոր նման հրաշալիքներ վկաներն ու կոտտանքն են Հայ Եկեղեցիի ցաւին:

Ասոնք վկաներն են ոչ միայն Հայ ճարտարապետության,այլ նաեւ Հայ քանդակագործութեան:

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Հայ Քանդակագործութիւն

Կըսուի թե հայ ժողովուրդը մասնայատուկ կերպով Հայ քանդակագործութեան արուեստը չէ մշակած:Քանդակագործութիւնը ուրիշ ժողովուրդներու մէջ, Յոյներու եւ Հռովմեյացւոց մօտ մասնաւորաբար, զարգացած է իբրև առանձին արուեստ:Քանդակագործները անպայման ճարտարապետներ չէին:Եվ ոչ ալ՝ ճարտարապետները անպայման քանդակագործ:Եւ սակայն Հայ ճարտարապետը, որ առիթ չէ ունեցած, ըսենք, մասնաւոր կերպով եւ առանձնապես քանդակագործութեան արուէստը մըշակելու, բայց ինք իր մէջ զգացած է խլրտումը այդ շնորհին ու տաղանդին, զայն իրագործած է, ահաւասիկ, եկեղեցիին պատերուն վրայ: Մասնաւորաբար պատերուն արտաքին էրէսուն վրայ: Եւ այս՝ թէ՛ աշխարհիկ ընկերային մօթիֆներ գործածելով,եւ թէ՛ կրօնական խորհրդանշական զարդարանքներ օգտագործելով:

Եւ ահա ամէն մէկ տաճար արտայայտութիւնը կը դառնայ մէկ կողմէ Հայ ճարտարապետության, միւս կողմէ Հայ քանդակագործութեան:Այդ քանդակագործութիւնը կը կոչենք որմնաքանդակ : Նաեւ ունինք խաչքարեր, գերեզմաններու վրայ դրուած դամբարաններ, որոնք հրաշալիքներ են, նրբաճաշակ արուեստագէտներու հոգին ցոլացնող:

Անցեալ ամիս երբ Ս.Էջմիածին կը գտնուէի, առիթ ունեցայ Երեւանէն Կիրովական երթալու: Առտուան ժամը ութին ճամփայ ելանք եւ յետ միջօրէի ժամը չորսին հազիւ հասանք Կիրովական, որ ինքնաշարժով չորս ժամուան ճանապարհ է միայն:

Ճանապարհին վրայ, առաջին գիւղաքաղաքը երբ մտանք, Աշտարակ, կարելի չէր չնշմարել Կաթողիկեն Հայ Տաճարին:Ուր չէի կրնար չկանգնիլ, չմոտենալ ու չնայիլ:

Հազիւ երկու մղոն անդին, որ պզդիկ գիւղ մըն է, ուրիշ գեղեցկություն մը, ուրիշ եկեղեցի մը:

Եւ այսպես չորս-հինգ հատ գեղեցիկ, տոկուն ու քարեղէն աղոթքներու վայելքէն յետոյ երբ ետ նայեցայ, անոնք կարծես կամար կամար իրարու աչք կը նետէին, երկնքի աղեղին դիմաց: Եւ Արարատէն եկող հովին ու ամպին միշտ դարձած:

Մինչեւ Կիրովական տասնըմեկ այսպիսի կոթողներու հուրը սրտիդ, եւ կառույցին շնորհը աչքիդ շղարշ ըրած կանցնիս խոհուն, ինքզինքիդ ըսելով, «ինչ գեղեցկություն,Աստուած իմ, ինչ շուք ու շնորհ»:Անոնցմէ ոմանք իրենց աւերակ վիճակի մէջ իսկ յուզիչ ու հրապուրիչ:

Ու մտածել որ Հայը ուր որ իր բնակությունն է հաստատեր, այնտեղ կանգներ է ու կառուցեր կոթողը իր հոգիի ու մտքի սլացքներուն:

Հազարներով այսպիսի կառույցներ Արեւելեան եւ Արեւմըտեան Հայաստանի լեռներն ու ձորերը վերածած են «խաչքարերու սուրբ աշխարհի»:

նկ.Անիի մայր տաճարը

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Հայ մանրանկարչութիւն

Արուէստի մարզին մէջ ուրիշ կորուստ մը մեր մանրանկարչութիւնն է:Մեզմէ անոնք որոնքբախտաւորութիւնը ունեցած են ձեռագիր մանրանկարներ տեսնելու, զանոնք աչքով լափելու, անոնք աւելի պիտի զգան թէ ինչ աչքի լոյս եւ ինչ հոգի դրուած են մինչեւ իսկ լուսանցներուն մեջ՝ ձեռքով ընդօրինակուած այդ գիրքերուն, որոնց փոքրիկ զաւալը դաշտ է զարդանկար ստեղծագործութեանց:

Ու գաղտնի՞քը, որ հարիուրաւոր տարիներ անցնելէ յետոյ անոնք տակաւին թարմ կ'երեւան, այսօր պաստառին դրուած ներկի ու գոյնի նման, հազիւ թե կրնանք բացատրել:Գծագրողները, որոնք գրիչ կը կոչուէին, թերեւս իրենք միայն գիտէին:

Մանրանկարչութեան այս կորուստը, Հայ ազգին համար անկասկած որ աւելի մեծ կորուստ է:Երբ զայն բաղդատենք եւրոպական ժողովուրդներու մանրանկարչութեանց հետ, մերինը թէ՛ իր պատմականութեամբ արժեքաւոր եւ թէ իր արտայայտչութեամբ աւելի եզական կը մնայ:

Մանրանկարչութեան հետ, ուրեմն, ունեցած ենք կորուստը հազարաւոր ձեռագիրներու:

Ձեզմէ անոնք որոնք առիթ ունեցան «Էջմիածին» ամսագրի Ապրիլեան Եղեռնի նուիրուած բացառիկ թիւը տեսնելու, եւ կարդացին Մելիք Օհանծանեանի յօդուածը, զգացին թե ինչ ըսել է գուրգուրալ թանկագին ժառանգի մը վրայ:Պերլինի մէջ,ձեռագիրներու մասնագէտի մը մարդ մը կը ներկայանայ չորս հինգ հայերէն ձեռագիրներով, որպես զի մասնագետը գումարով մը գնահատէ զանոնք, քանի որ գնող վաճառականը մասնագէտին ղրկած էր զինք:

Գերմանացի մասնագետը կը նայի ձեռագիրներուն եւ մարդուն եւ կըսէ.«Դուն հայ ես եւ կուզես այս ձեռագիրները ծախե՞լ:Ինչո՞ւ:Այս թանկագին ժառանգը պէտք է տունիդ մէջ պահես եւ զաւակէ զաւակ փոխանցես:»Մարդը կըսէ.«Ես հայ չեմ,ես թուրք եմ:»Ու կը պատմէ թէ ինչպէս Վանի կողմերը վանք մը կողոպտած ժամանակ բազմաթիւ նման գիրքեր այրելէ յետոյ, այդ քանի մը գիրքերն ալ ինք հետը վերցուցեր տարեր է:Եւ հիմա,իր ընտանիքին համար եւրոպայէն նուէրներ կուզէ գնել զանոնք ծախելով:

Մասնագետը՝ զայրացած, լուտանքներ կը թափէ աւազակի գլխուն, ձեռագիրները առնելով եւ զայն իր տունէն վռնտելով, որովհետև «այս ձեռագիրները Հայ ժողովրդին կը պատկանին. եւ հայուն իրաւունքն է ասոնց տէր ըլլալ:» Ու զանոնք կը փոխանցէ Վիեննա՝ Մխիթարեան Մատենադարանին:

Ահա թե ինչու,անոնք որոնք բախտաւորութիւնն ունեցած են ձեռք դպցնելու կամ աչքով նայելու դարերէն եկող մանրանկար արուեստի այս նմուշներուն, աւելի խորունկ կրնան զգալ այրուցքը մոխիրներուն, հազարաւոր նման ձեռագիրներու հրկիզումէն մնացորդ:007.jpg

Vakhtang.jpg006.jpg

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Հայ հոգեւորականներ

Արուեստի մարզին մեջ ունեցած իր կորուստներէն զատ, հայ եկեղեցին ունեցաւ նաեւ հոգեւորականներու կորուստ:Հայ հովիւներու կորուստ:Չորս հազար հոգեւորականներ զոհ գացած են սպանդին:Տակաւին չհաշուելով Հայ Կաթոլիկ եւ Հայ Բողոքական համայնքներուն տուած զոհերը:Հօտ ու հովիւ միասին նկատի առնուած, Հայ Եկեղեցին ունեցած է երկու միլիոն հայորդիներու կորուստ, իրենց չորս հազար հոգեւոր մշակներով:

Իսկ մահացումի կերպե՞րը: Ահաւոր եւ անմարդկային պատմութիւններ են անոնք, քաղաքակիրթ մարդկութիւնը խարանող:

Անոնք որոնք գնդակահարուած են, թերեւս ամենէն երջանիկները զգացած են իրենք զիրենք:Իսկ անոնք որոնց մորթըհանւած է, որոնց եղունգները քաշուած են մատները կտրտուած,եւ անասելի կերպով անդամահարուած՝ նախ քան մահանալը,այդ ալ ուրիշ զարհուրանք:

Խոսրով Եպիսկոպոս Բեհրիկեան մը, Կեսարիոյ առաջնորդ, 1914ին Էջմիածինէն դարձին,101 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուի որովհետեւ թշնամի երկրէ մը կուգար եւ թշնամի կ'ամբաստանուի հայրենիքին:Զայն կը սպաննեն դէպի Տիգրանակերտ ճամբուն վրայ,ձեռքերը կապած եւ ոչխարի պես մորթելով:

Մկրտիչ Վրդ.Ջղլատեան մը 1915 մայիսին,Տիգրանակերտի մէջ նախատինքով կը պտտեցնեն փողոցներեն, եւ մզկիթի բակին մէջ կը տանին, կառավարութեան տանին դիմաց,եւ վրան քարիւղ թափելով կ'այրեն:

Վարդան Ծ. Վրդ. Յակոբեան մը, Մուշի Ս.Կարապետ Վանքին Վանահայրը,բոպիկ ոտքերով կը տարագրեն եւ նաւթով կայրեն...

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Հայ դպրանոցներ

Հոգեւորականներու այս կորուստէն զատ,Հայ Եկեղեցին ունեցած է կորուստը լոյսի կեդրոն, գիտութեան կեդրոն իր դպրոցներուն, իր Դպրանոցներուն:

Արմաշու Դպրեվանքը այն կեդրոնն էր ուր պիտի ուսանէին ու մեծանային ապագայ հայ հոգեւորականները:Այս դպրեվանքը որ 1889ին Խորէն Աշըգեան Պատրիարքին օրով հիմնուած էր եւ Օրմանեան Մաղաքիա Եպիսկոպոսը իրեն առաջին վանահայրը ունեցած էր, 25 տարիներու ընթացքին (1889-1914) 34 վեղարաւոր հոգեւորականներ ընծայաց էր ազգին:Եւ անոնցմէ շատերը առաջնորդներ էին, վանահայրեր էին, գաւառներուն եւ ծխական եկեղեցիներուն մէջ:Անոնք եւս տարագրութեան ճամբան բռնած,իրենց հօտին հետ դեպի սպանդ տարուեցան եւ միասին նահատակուեցան:

Դպրանոցներու հետ կործանուեցան ու փակուեցան ուսումի եւ քաղաքակրթութեան «լուսոյ վառարան», «տաճար հրաշագործ,վսեմ ձուլարան» բոլոր դպրոցներն ու վարժարանները:

Թշնամին հետեւաբար, դպրոցներու այս կորուստը պատճառելով, տեսակ մը խորխորատ, անդունդ բացաւ 1914ի սերունդին եւ անկէ յետոյ գալիք հայ հոգեւորականութեան միջեւ:Անջրպետ մը՝ անկամուրջ երկու սերունդներու միջեւ:Որովհետեւ Երուսաղեմը,որ 1921 թուականեն սկսեալ իր ժառանգաւորաց վարժարանի միջոցաւ կերպով մը շարունակողը դարձաւ Արմաշու Դպրեվանքին, երկու հոգեւորականներ միայն կրցաւ տալ մինչեւ 1930 թուականը: Անբաւարար՝ կամրջելու համար 1915էն մինչեւ 1930 բացուածանդունդը, եւ օղակելու համար հոգեւոր դասու շարայար շղթան:Ասիկա կը նշանակէ նաեւ անդունդ մը ժողովուրդին,հօտին եւ հովիւին միջեւ,անոնց հոգեւոր կեանքին եւ անոնց հոգեւոր սնունդին մատակարարման տեսակէտէն:

նկ. Հայ կենտրոնական վարժարանը՝ Ստանփուլում:

kapi_1.jpg

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

Դպրանոցներու կորուստը բնականաբար կը նշանակէ նաեւ կորուստ Հայ Հոգեւոր գրականութեան:

Հայ հոգեւորականը, այն որ մտաւորական շնորհներ ունի,նոյն ատեն Հայ հոգեւոր գրականության սպասաւորն է:Եւ 1915ի այդ ջարդը անուղղակիօրեն կասումն էր, դադար առնելն էր հայ հոգեւոր գրականութեան եւ մշակոյթին:

Մեծագոյն կորուստը սակայն, որ կրնամ մատնանշել Հայ Եկեղեցիին համար,մէկ անուն մըն է-Կոմիտաս Վարդապետ:Բոլոր շենքերը կարելի է թերեւս նորեն կառուցանել, բոլոր կորսըւած հոգեւորականներու տեղ թերեւս կարելի է նորեր ապահովել,բոլոր կործանած դպրոցներու թոխարէն թերեւս աւելի գեղեցիկները եւ աւելի լաւերը կարելի է կանգնեցնէլ, բայց Կոմիտաս մը կարելի չէ շինել:Կոմիտաս մը չի պատրաստուիր:Կարելի չէ ապսպարել:Ան միայն կը ծնի:Եւ ան կը ծնի դարերու խորքերէն:Հայ եկեցեցին իր երաժշտութեան գեղեցկութիւնը կը վերագտնէր այս հանճարին միջոցաւ:Մեկ հանճար, որ ով գիտէ քանի դարեր անգամ մը միայն երեւան կու գայ:Այդ մէկ հանճարին խորտակումը բաւ է որ անարգութեան սիւնին գամէ անմարդկային որեւէ մէկ արարք, բայց մանաւանդ ահաւոր մէկ ծրագիր՝ ամբողջ ժողովուրդ մը անճիտելու:

Եւ այս բոլորը, այս բոլոր կորուստները, այսպէս ըսենք՝ շենքի եւ անհատի,կը դառնան կորուստ ամբողջ ժողովրդի մը:

Երբոր ժողովուրդ մը կը մնայ անհովիւ,կը նշանակէ որ այդ ժողովուրդը կը մնայ զրկուած իր հոգեւոր առաջնորդէն, նաեւ անգէտ ու անուս, եւ անիրազեկ իր հոգեւոր կարիքներուն:Ուսման պակասը ժողովուրդին մէջ հետեւաբար պատճառ կը դառնայ հետաքրքրութեան պակասին: Ի վերջոյ,շատ բնական բան է,մենք սիրով կ'երթանք այն տեղերը ուր գիտենք թէ ինչ կրնանք ստանալ:Անծանօթ տեղ մը միշտ վախով եւ վարանքով կ'երթանք:Ժողովուրդ մը որ իր հոգեւոր գրականութեան ծանօթ է, եւ գիտէ աղբիւրը իր հաւատքին, այդ ժողովուրդը ուրախութեամբ կը լեցնէ իր եկեղեցիները:Եւ եթե ուսումնական տեսակէտէն մեր անուս մամիկները, որոնք գրել կարդալ անգամ չեն գիտեր, եկեղեցիէն սակայն դուրս չեն ելլեր,պատճառը այն է որ իրենք շատ լաւ գիտեն, գոց գիտեն, ոչ միայն աղոթքներն ու երգերը, բայց մանաւանդ հոգին՝ այդ բառերուն ու ձայներուն մէջէն արտայայտւած:Մինչեւ իսկ այն բառերուն՝ որոնք թերեւս միտքով անհասանելի եւ դժուարըմբռնելի են:

Այս պատճառով,թշնամիին տուած կորուստը Հայ Եկեղեցիին ահաւոր է.ան ամբողջ ժողովուրդ մը գլորեց դէպի եզերքը հոգեւոր կորստեան անդունդին:Ողջ մնացորդներն անգամ կտրեց, խորթացուց իրենց հոգեւոր մօրմէն:Եւ քանի որ հովիւին պակասը կայ,հետեւաբար եւ մտերմութեան պակասը կայ:Երբ ծխական մը իր հովիւին երեսը չի տեսներ,երբ ծխական մը իր հովիւին հետ խօսակցութեան չի նստիր, անիկա հազիւ թե յիշէ իր պատկանիլը աւելի մեծ ընտանիքի մը,հազիւ թե յիշէ այսինչ փողոցին վրայ գտնուող եկեղեցի-շենքը՝ ուր մտադրէ երթալ: Ընդհակառակն , սովորական բացատրությամբ մը պիտի ըսէ,«Ի՞նչ պիտի ընեմ հոն երթամ,ահագին ճամբայ կտրեմ:Երթամ այնտեղ ի՞նչ պիտի ընեմ:Արդեն հետաքրքրություն չունիմ:Եւ քանի որ ծանօթ չունիմ,ինչո՞ւ երթամ»:

Շատ յատկանշական են այս արտահայտությունները,իբրեւ դիտողություններ եւ դիտաւորություններ:

Կը յիշեմ թե հովուական պաշտոնիս բերումով հանդիպած եմ «ծանոթ չունեցող» հայ տղոց եւ աղջիկներու:Որոնք կը վարանին,կ'ամչնան իրենց բնակած քաղաքին հայ եկեղեցին երթալու,որովհետեւ օտարական կզգան իրենք զիրենք:Մեղադրանքի մեծ բաժին մը կ'երթայ անշուշտ անոնց ծնողներու անտարբերութեան,տկարութեան: Եւ վարանոտ այդ հայերուն առաջին ապաւէնը հովիւին մտերմութիւնն է:Այդ պատճառաւ,անոնց կու տայի առաջին ժամադրությիւնը եկեղեցւոյ սրահի մէջհանդիպելու, այնպիսի իրիկուն մը երբ ենթակային տարիքին եւ հետաքրքրության համաձայն եկեղեցական կազմակերպութիւն մը հաւաքույթ պիտի ունենար:Եւ բնականաբար հովիւին յաջորդ գործը պիտի ըլլար պատրաստել միւս անդամները, որպեսզի, «ծանոթ չունեցող» հայը երբ գայ իրեն ծանոթ եղող հովիւը տեսնելու , կարենային զայն իրենց մեջ առնել եւ իրենցմէ մէկը ընել:

Այս մտերմութեան, խոսակցութեան պակասը հովիւին եւ իր ծխականին՝ հօտին միջեւ,զգալի ու կարեւոր կորուստներէն մեկն է:Տարիներով, տարիներով հայ եկեղեցականի երես չտեսնող հայեր կան այսօր աշխարհի տարբեր երկրներում...

Ի՞նչպէս Հայ եկեղեցին պիտի կարենայ իր պաշտօնը կատարել,եթե ոչ՝ հովիւներով միայն:Հովիւներ՝ որոնք բաւարար ուժ ունենան երթալու հօտին ամեն մէկ անդամին, որ իրենց շրջանակին մէջ կը գտնուի:Հովիւներ՝ որոնք առաջնորդող եւ գլուխ ըլլան անհատ հոգիներու միախառնումէն յառաջ եկած բարդ ու գործարանաւոր մարմինին, հօտին ու համայնքին:

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿՈՉՈՒՄԸ

Այս բոլոր վնասները թշնամին տուաւ:Իր գործն էր ատիկա:Եւ թերեւս իր գործը լաւ ըրաւ:Հարցը այն է թէ մե՛նք ինչ կ'ընենք:ՄԵՆՔ ի՛նչ պետք է ընենք:

Հայաստանեայց եկեղեցին եթէ հայ ազգին մեջ գործող եկեղեցին է, ինղ որ է եւ աւելին է, ուրեմն հայոց եկեղեցին պարտականություն ունի այսօր ապրող չորս միլիոն հայերը փրկելու:Հայց. եկեղեցին պարտականություն ունի չորս միլիոն հայ անհատները առանձին առանձին գտնելու, տեսնելու եւ փրկելու:Առանձին առանձին:Այս է եկեղեցիին պաշտօնը եւ գործը:Եկեղըցիին անմիջական նպատակը կազմակերպութիւններ մէջտեղ բերել չէ:Եկեղեցիին գերագոյբ նպատակը կազմակերպութիւններու միջոցաւ ձեռնարկներ տալ չէ:Այդ բոլորը Եկեղեցուոյ բուն նպատակին իրագործման ճամբուն վրայ միջոցներ են:Եւ թերեւս անհրաժեշտ միջոցներ:

Եկեղեցիին կոչումն է նախ անհատական, անձնական փրկութձիւն ապահովել մարդուն:Մնացեալը հետեւանքն ու արդյունքն են այս նպատակին իրագործման:Եւ հետեւաբար՝ կը կառուցուին տաճարներ,ճարտարապետական կոթողներ, կը մշակուի գրականութիւն, կը ստեղծագործուին հոգեզմայլ երգեր ու երաժշտութիւն, կը կազմակերպուին ուսումնարաններ ու դպրոցներ, կը համակարգուին եկեղեցուոյ մարմինի մէջ գործող միաւորներ, կազմակերպություններ, իշխանութիւններ իրենց իրաւասութեան սահմաններով:

Չորս միլիոն հայերու համար նուազագոյն չորս հազար հայ հոգեւորականներու պէտք ունինք այսօր, եթե ամէն մէկ հոգեւորական կարենայ հազար հայ անհատներու մտերմութիւնը շահիլ, անոնց հետ խոսակցութեան նստիլ:Մինչդեռ այսօր հազիւ թե չորս հարիւր հոգեւորականներ կարենանք համրել ամբողջ աշխարհի մէջ:

Չորս հարիւր հայ հոգեւորականներով կարելի չէ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած չորս միլիոն հայերու փրկությունը ապահովել:

Անոր համար,այսօրյ երկու միլիոն նահատակներու յիսնամեակին առիթով եթե մենք իրապես մտահոգութիւն ունինք, եթե իսկապէս ազգասեր ենք, եթե իսկապես եկեղեցասեր ենք, պետք է մտածենք մեր ընելիքին մասին, աւելի քան մեր ողբի ճամբով մեր խոսելիքին մասին:Որովհետեւ, առանց հակասութեան մէջ բռնուէլու մտավախութեան,գիտենք թէ Հայց. Եկեղեցուոյ գործին դաշտը չորս միլիոն հայերը չեն միայն:

Ներկայ աշխարհի մէջ չես կրնար կղզիացած ապրիլ:Չես կրնար դուն քեզի համար միայն, դուն քեզի հետ միայն ապրիլ:Պարտաւոր ես դուռդ բաց պահել:Պարտաւոր ես շփման մէջ գալ ոչ-հայ հաւաքականութեանց հետ:Թէ՛ քրիստոնեայ եւ թէ ոչ-քրիստոնեայ մարդերու հետ:Եւ հետեւաբար ընդհանրական քրիստոնեական եկեղեցիներու կեանքին ու շարժումներուն մէջ պիտի պարտաւորուի մաս առնել Հայ Եկեղեցին:Բայց իրողությիւն է որ կը վարանինք մաս առնելու,որովհետեւ նախ մենք պատրաստ չենք:Կարիքը ունինք պատրաստուած եկեղեցականներու, հոգեւոր եւ իմացական շնորհներով ճոխացած մշակներու, որոնք կարենան իրենց պատեանէն դուրս ելլել եւ դէմ յանդիման կանգնիլ թե՛ ոչ-հայ քրիստոնեայ եղբայներու հետ եւ թէ «աշխարհի որդիներուն» հետ, իբրեւ առաքեալներ Քրիստոսի պատգամին:

Ссылка на комментарий
Поделиться на других сайтах

Архивировано

Эта тема находится в архиве и закрыта для дальнейших сообщений.


  • Наш выбор

    • Ани - город 1001 церкви
      Самая красивая, самая роскошная, самая богатая… Такими словами можно характеризовать жемчужину Востока - город АНИ, который долгие годы приковывал к себе внимание, благодаря исключительной красоте и величию. Даже сейчас, когда от города остались только руины, он продолжает вызывать восхищение.
      Город Ани расположен на высоком берегу одного из притоков реки Ахурян.
       

       
       
      • 4 ответа
    • В БЕРЛИНЕ БОЛЬШЕ НЕТ АЗЕРБАЙДЖАНА
      Конец азербайджанской истории в Университете им. Гумбольдта: Совет студентов резко раскритиковал кафедру, финансируемую режимом. Кафедра, финансируемая со стороны, будет ликвидирована.
      • 1 ответ
    • Фильм: "Арцах непокорённый. Дадиванк"  Автор фильма, Виктор Коноплёв
      Фильм: "Арцах непокорённый. Дадиванк"
      Автор фильма Виктор Коноплёв.
        • Like
      • 0 ответов
    • В Риме изберут Патриарха Армянской Католической церкви
      В сентябре в Риме пройдет епископальное собрание, в рамках которого планируется избрание Патриарха Армянской Католической церкви.
       
      Об этом сообщает VaticanNews.
       
      Ранее, 22 июня, попытка избрать патриарха провалилась, поскольку ни один из кандидатов не смог набрать две трети голосов, а это одно из требований, избирательного синодального устава восточных церквей.

       
      Отмечается, что новый патриарх заменит Григора Петроса, который скончался в мае 2021 года. С этой целью в Рим приглашены епископы Армянской Католической церкви, служащие в епархиях различных городов мира.
       
      Епископы соберутся в Лионской духовной семинарии в Риме. Выборы начнутся под руководством кардинала Леонардо Сантри 22 сентября.
       
      • 0 ответов
    • History of Modern Iran
      Решил познакомить вас, с интересными материалами специалиста по истории Ирана.
      Уверен, найдете очень много интересного.
       
      Edward Abrahamian, "History of Modern Iran". 
      "В XIX веке европейцы часто описывали Каджарских шахов как типичных "восточных деспотов". Однако на самом деле их деспотизм существовал лишь в виртуальной реальности. 
      Власть шаха была крайне ограниченной из-за отсутствия государственной бюрократии и регулярной армии. Его реальная власть не простиралась далее столицы. Более того, его авторитет практически ничего не значил на местном уровне, пока не получал поддержку региональных вельмож
      • 4 ответа
  • Сейчас в сети   3 пользователя, 0 анонимных, 240 гостей (Полный список)

  • День рождения сегодня

  • Сейчас в сети

    244 гостя
    Rubik luc OLD MEN
  • Сейчас на странице

    Нет пользователей, просматривающих эту страницу.

  • Сейчас на странице

    • Нет пользователей, просматривающих эту страницу.


×
×
  • Создать...