ՀԱՅ ՈՍԿԵՐՉՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՒՈՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿ ՄԸ ԵՒՍ
Համօ Մոսկոֆեան, Պէյրութ, 14 Յունիս 2014
12 Յունիս 2014-ին, Պրազիլի Սաօ Փաուլօ “մեկա-Պոլիս”ին մէջ տեղի ունեցած ֆութպոլի «Մոնտիալ»ի բացման հանդիսութեան, բազմահազար ներկաներու եւ բազմամիլիոն հեռուստադիտողներուն վերապահուած էր անակնկալ մը եւս։ Հոլիվուտի երգարուեստի, պարարուեստի ու սինեմարուեստի “փայլատակող աստղ” Ճենիֆըր Լոփեզ, ելոյթ ունեցաւ զարդարուած… «ԵՓՐԵՄ» ոսկերչական տան գոհարեղէններով։
Իր հիմնադրութեան 50 ամեակին առիթով, պահպանելով հայ ոսկերչութեան դարաւոր եւ փառաւոր աւանդոյթները, Լիբանանի «ԵՓՐԵՄ» ոսկերչական տունը “փոթորիկ” յառաջացուց Հոլիվուտի մէջ, մասնակցելով շարք մը միջազգային ցուցահանդէսներու։ «ԵՓՐԵՄ»ի ստեղծագործութիւններով հիացան եւ զարդարուեցան նաեւ արուեստի եւ երգարուեստի աշխարհահռչակ դէմքեր՝ Ռիհաննան, Մատոննան, դերասանուհի գեղեցկուհի Քէյթի Փերի, որ “հայկական” ոսկեայ զարդեղէններով նկարահանուեցաւ «V Magazine»ի համար։ Անոր հետեւեցան Միրանտա Լեմպըրթը, շողշողալով «ԵՓՐԵՄ»եան օղերով եւ մատանիներով, CMT-ի 2014 թուականի մրցանակաբաշխութեան։ Մինչ՝ երկու առիթներով ալ, Victoria Secret-ի երկու “հրեշտակներ”՝ Ատրիանա Լիման եւ Քառլի Քլոզ նոյնպէս ելոյթ ունեցան հայ ոսկերչական տան “գլուխ-գործոց”ներով…։
Այժմ, հոլիվուտեան թէ արտասահմանեան “աստղահոյլ”երու շարքը կ’երկարի, որոնք ցանկութիւն յայտնած են մեր երկրագունդի լաւագոյն՝ հայ ոսկերչութեան արժանի ներկայացուցիչներէն՝ «ԵՓՐԵՄ»ի հիանալի ադամանդակուռ եւ գոհարազարդ ստեղծագործութիւնները կրելու։
«ԵՓՐԵՄ» ոսկերչատունը հիմնադրուած է Եփրեմ Շըխըրտըմեանի կողմէ Պէյրութի մէջ 1964-ին:
Մաղթենք որ այս յաղթարշաւը շարունակուի, ի փառս 4000ամեայ պատմութիւն ունեցող հայ ոսկերչութեան դպրոցին ու շնորհապարտ վարպետներուն։